William Saroyan: The Man The Writer, A Documentary Film

Ինչպես Նկարեցի Սարոյեանը

1964-ին, Ֆրէզնօ, Գալիֆորնիա փոխադրուելէս ետք, մէջս մեծ տենչանք մը կար ծանօթանալու Ուիլիըմ Սարոյեանին: Իբր լուսանկարիչ` կ՛ուզէի մօտէն ճանչնալ մեր հռչակաւոր հայորդին` նկարել իր հանճարային դէմքը բնական զգացումներով: Սակայն, այնպէս մը կ՛երեւար թէ Սարոյեան լուսանկարչական գործիքին առջեւ դիրք առնելուն հակառակ էր: Սարոյեանը գտնելու բազմաթիւ ապարդիւն փորձեր կատարելէ յետոյ, վերջապէս առիթը ստեղծուեցաւ իրեն հանդիպելու 12 տարի հետապնդելէ ետք:

Օր մը, Սարոյեանը նկարելու կարելիութեանը մասին կը զրուցէի քանդակագործ Վարազ Սամուէլեանի հետ, որ բարեկամս էր: Վարազը Սարոյեանին մօտիկ բարեկամը ըլլալով` գաղափարը յղացայ լուսանկարչական գործիքներս տեղաւորել իր արուեստանոցին մէջ, այդ ակնկալութեամբ թէ պիտի կ՛արենայի Սարոյեանը նկարել երբ այցելութեան գար հոն: Ուրախացայ երբ Վարազ իր հաւանութիւնը տուաւ այս գաղափարին:   

26 Մարտ 1976-ը յիշատակելի օր մըն էր, որովհետեւ այդ օրն էր, որ Վարազ հեռաձայնեց զիս, ըսելու համար թէ Սարոյեան Ֆրեզնօ կը գտնուէր եւ հաւանաբար այցելութիւն մը տար իրեն: Անմիջապէս գացի Վարազին արուեստանոցը, որ կը գտնուէր Ֆրէզնոյի կեդրոնը – Սէն Պէնիթոյի եւ Օ փողոցներու անկիւնը-եւ շուտով տեղաւորեցի լուսանկարչական գործիքներս:

Քանի մը ժամ ետք, Սարոյեան հասաւ հեծանիւով: Անաւարտ քանդակներու ետեւը կեցած` ուշադրութեամբ կը զննէի զինքը, բաւական յուզուած ու սպասողական վիճակի մէջ. Մինչ այդ, Սարոյեան եւ Վարազ` բարձրաձայն բայց ջերմօրէն կ՛ողջագուրուէին ու կը համբուրուէին սովորական հայկական ոճով: Իրենցմէ շատ հեռու չէի կեցած եւ հակառակ որ Սարոյեան տեսաւ զիս, ուշադրութիւն չդարձուց վրաս:


img-howishot
Վարազ Սամուէլեան, Ուիլիըմ Սարոյեան, Փոլ Գալինեան
26 Մարտ 1976, Ֆրէզնօ, Գալիֆորնիա


Առանց ժամանակ կորսնցնելու, ձեռքս երկարեցի եւ անգլերէնով ինքզինքս ներկայացուցի իբր լուսանկարիչ: Խնդրեցի Սարոյեանէն որ արտօնութիւն տայ իր նկարը քաշելու:

- Կորսուէ՛ ... ըսաւ Սարոյեան:

- Բայց Պրն. Սարոյեան, ես...

Փորձեցի բացատրել, սակայն ձայնս խեղդուեցաւ իր դղրդիւն պատասխանին մէջ:

- Ո՛չ ըսի, ականջդ ծա՞նր է, ի՞նչ է... Ո՛րեւէ նկար չեմ ուզեր... պօռաց Սարոյեան:

- Բայց ինչո՞ւ... հարցուցի մեղմ ձայնով:

Շիտակ աչքերուս մէջ նայելով, պատասխանեց. – Չե՛մ ուզեր որ նկարս քաշես... մոռցի՛ր: Յետոյ, Վարազին դառնալով ըսաւ. – Ո՞վ է այս մարդը: Ինչո՞ւ ա՛յսքան կը պնդէ:

- Ուիլի, Փոլը ընկերս է եւ լա՛ւ լուսանկարիչ է... ըսաւ Վարազ:

Պահ մը ետք, Սարոյեանի ուշադրութիւնը դարձաւ Վարազի զանազան արուեստի գործերուն վրայ: Գլխով նշան ըրի Վարազին եւ ցած ձայնով փսփսացի ականջին.

- Վարազ... լաւ մտիկ ըրէ... զինքը առաջնորդէ դէպի արուեստանոցդ, ուր իմ գործիքներս տեղաւորած եմ:

- Օքեյ... օքեյ... ըսաւ Վարազ:

Կէս ժամ ետք, երկուքը միասին արուեստանոց մտան: Սարոյեան անմիջապես նկատեց զիս երբ լոյսերս կը փորձէի: Տհաճութեան ու անհանգստութեան արտայայտութիւն մը երեւցաւ դէմքին վրայ:

- Դու՛ն, նկա՞րս կը քաշես... բացագանչեց Սարոյեան:

Ըսի. – Ո՛չ, Պրն. Սարոյեան, լոյսերս կը փորձեմ: Գործիքիս մէջ ֆիլմ նոյնիսկ չկայ:

Աւելի մօտեցաւ եւ խնդրեց որ լուսանկարի գործիքս բանամ: Երբ բացի գործիքս եւ իրեն ցոյց տուի պարապ ֆիլմակալը, վերջապէս հանգստացաւ եւ նստեցաւ սնտուկի նման սեղանի մը վրայ, որ գործիքիս ճիշդ առջեւը դրուած էր: Առանց իր գիտակցութեան` նախապէս լեցուած ֆիլմակալ մը, արագօրէն կպցուցի գործիքիս: Ժամանակը որ կ՛անցներ, Սարոյեան հետզհետէ վստահութիւն կ՛ունենար վրաս: Սկսաւ ինձմով հետաքրքրուիլ, ու խնդրեց որ հայերէն խօսիմ եւ պատմեմ, ծննդավայրիս` Լիբանանի հայերու մասին: Մինչ այդ` բազմաթիւ գաղտնի նկարներ քաշեցի, հայերէն լեզուով առինքնող ջերմ զրոյցներու ընթացքին:

Յետոյ, Սարոյեան խնդրեց որ հայկական հին երգ մը երգեմ` Կիլիկիա-ն: Այս երգը միասին երգելով աւելի յուզուեցանք: Իրեն համար դժուար էր զսպել աչքերուն մէջ լեցուող արցունքները:

- Քեզ հաւնեցայ, Փոլ... ըսաւ Սարոյեան, - հիմա ուզածիդ չափ կրնաս նկարս քաշել: Նախքան այս ազնուութիւնը արտայայտելը, արդէն բաւականին նկար քաշած էի առանց իր ուշադրութիւնը գրաւելու:

Երկու շաբաթ ետք, Սարոյեան արհեստանոցս եկաւ հեծանիւով: Պատէն կախուած իր դիմանկարներէն մէկուն նայելով, ըսաւ. - Դէմքս այդպիսի արտայայտութեան մէջ երբէք չեմ տեսած... Բարձրաձայն խնդաց... յետոյ գրպանէն հանեց իր գիրքերէն օրինակ մը, Մի՛ Երթար, Բայց Եթէ Երթաս, Բարեւ Տուր Բոլորին, վերնագրով` ու մակագրեց զայն, «ՓոլԳալինեանին` մեծլուսանկարիչ - արուեստագէտինհամար: Անկեղծօրէն, ՈւիլիըմՍարոյեան, Ֆրէզնօ, 8 Ապրիլ, 1976» գիրքը տուաւ ինծի, հեծիքը նստաւ ու գնաց:

Մեր բարեկամութիւնը արմատացաւ եւ շուտով մտերմացանք: Այնուհետեւ, բազմաթիւ այցելութիւններ ունեցանք աշխատանոցիս մէջ: Յիշատակելի էին մեր անցուցած պահերը երբ միասին թէյ կը խմէինք եւ հայերու մասին կը զրուցէինք: 12 տարի հետապնդելէ ետք, մեր բարեկամութիւնը տեւեց 5 տարի, մինչեւ Սարոյեանի մահը, 1981:

Շնորհակալ եմ Վարազ, որ զիս ծանօթացուցիր Ուիլիըմ Սարոյեանին: