William Saroyan: The Man The Writer, A Documentary Film

Making of the Film
William Saroyan: The Man The Writer

Երբ, առաջին անգամ ըլլալով, Փոլ Գալինեան կը հանդիպէր Ուիլիըմ Սարոյեանին, ո՛չ մէկուն միտքէն չէր անցնէր, թէ առաջին հանդիպումէն յառաջ պիտի գար Փիւլիցըր մրցանակակիր գրողին կեանքին ու գործին նուիրուած լիածաւալ վաւերագրական ֆիլմ մը, որ իր կարգին ալ մրցանակներու պիտի արժանանար: Նոյնպէս, իրենց միտքէն իսկ պիտի չանցնէր, թէ 15 տարի ետք Գալինեանի լուսանկարած դիմանկարները` Ա.Մ.Ն.-ի եւ Ս.Ս.Հ.Մ.-ի Սարոյեանին ի յիշատակ հրատարակուած դրոշմաթուղթերու գծագրութեան հիմը ծառայելու պիտի կոչուէին:

Գալինեանին ուղղուած, Սարոյեանի առաջին բառերն էին` - Կորսուէ՛, չեմ ուզեր որ նկարս քաշուի: Բարեբախտաբար, նկարահանը հաստատամիտ գտնուեցաւ` ի վերջոյ Սարոյեանին վստահութիւնը շահելով: Գրողին անվերապահ հիացող ըլլալով, Գալինեանը տարիներով հետապնդեր էր հեղինակը, առանց երբեք իր լուսանկարչական գործիքին փականակը ազատ արձակելու: Սակայն, 26 Մարտ 1976-ին, կորսնցուցած ժամանակը ետ շահեցաւ` այլատեսակ տրամադրութիւններու եւ արտայայտութիւններու մէջէն Սարոյեանի ճկուն կերպարանքը դրոշմելով ֆիլմի վրայ:

1981-ին, Սարոյեանի մահէն ետք, այս դիմանկարները, եւ Գալինեանի նկարահանման պատմութիւնը, հրատարակուեցաւ աշխարհի զանազան լրագիրներու եւ պարբերաթերթերու մէջ: Ամէնուրեք մարդիկ սկսան հետաքրքրուիլ նկարներով: Գալինեան պատրաստեց տասը վայրկեաննոց սահիկներու ցուցադրութիւն մը` Ինչպէս Նկարեցի Սարոյեանը, վերնագրով: Իւրաքանչիւր նոր ներկայացում աւելի խանդավառութեամբ դիմաւորուցեաւ, որու հետեւանքով Գալինեան որոշեց Սարոյեանի տասներկու վայրկյաննոց մենախօսութիւնը աւելցնել Ֆրէզնոյի Մէջ Մեծնալը, խորագրով: Այս մասը կը պարունակէր Ֆրէզնօ քաղաքի պատմական տեսարանները, որոնք կը ներկայացնէին Սարոյեանի ապրած վայրերը:


img-kalinianhome
Փոլ եւ իր դուստրը, Տօքդ. Սիւզի Գալինեան

1987-ին, երբ այս ներկայացումը կը ցուցադրուէր Շիգակոյի Համալսարանը, Թովմաս Գույումճեան անունով անձ մը առաջարկեց Գալինեանին որ այս գործը ֆիլմի վերածէ: Թէեւ Գալինեանի միտքին մէջ կար այս գաղափարը, սակայն Գույումճեանին խանդավառութիւնն ու առաջին նուիրատու ըլլալը հոգեպէս քաջալերեց Գալինեանը որ յարատեւ հետապնդէ իր երազը:

Փոլ եւ իր դուստրը Տօքթ. Սիւզի Գալինեան, շարունակեցին լայն ուսումնասիրութիւններ ընել Սարոյեանի մասին եւ խորապէս մխրճուեցան աւելի մօտէն ճանչնալու անոր գործերը, նկարագիրը, ու մարդկութեան հանդէպ ունեցած փիլիսոփայութիւնը: Գալինեանները կ՛ուզէին Սարոյեանի կեանքն ու գործը անմահացնել ֆիլմի միջոցով: Ութը տարիներու ընթացքին անոնք հաւաքեցին սահմանափակ աղբիւրները որոնք մատչելի էին: Ստեղծեցին նոր նիւթեր, վերանորոգեցին հին լուսանկարները, եւ խմբագրեցին Սարոյեանի ձայնը որ արձանագրուած էր իր կողմէ 1948-էն 1976:

Բազմաթիւ խոչընդոտներու ընդմէջէն, շարժանկարային հատուածներ ստացուեցան Խորհրդային Հայաստանէն: Հակառակ որ ֆիլմը, ձգձգումներու ենթարկուեցաւ, Գալինեաները վերջապէս յաջողեցան աւարտել մէկ ժամ տեւող վաւերագրական ֆիլմը, Ուիլիըմ Սարոյեան, Մարդը, Գրողը, վերնագրով` 1991-ին: Ֆիլմը անգլերէն լեզուով է եւ ենթախորագրուած է հայերէնով: Նկարուած է 16մմ-ի վրայ, գունաւոր, սրճագոյն եւ սեւ-ճերմակ:

Ֆիլմին պատմութիւնը գրած եւ բեմադրած է Փոլ Գալինեան` եւ արտադրած է` Տօքթ. Սիւզի Գալինեան: Ֆիլմը կը պատկերացնէ Սարոյեանի կեանքը, գործը, էութիւնը, նկարագիրը, փիլիսոփայութիւնը եւ իր պատգամը համայն մարդկութեան: Սարոյեան կ՛արտացոլէ այն սէրն ու կիրքը, որ կը տածէր թէ՛ իր ծննդավայրին հանդէպ, իբր Ամերիկացի, եւ թէ՛ իր նախնիքներու երկրին, իբր Հայ: Սարոյեան կ՛արծարծէ իր մշակութային ժառանգութիւնը, յիշելով անոր կարեւորութիւնն ու ազդեցութիւնը` իր գրող դառնալու կապակցութեամբ: Ան կը մերժէ դրամը, համբաւը ու փառքը: Ի վերջոյ կը վերադառնայ իր արմատներուն, ուր կը գտնէ իր վերջնական հանգիստը:

Պատմութիւնը կը սկսի 1900-ական թուականներուն Ֆրէզնօ, Գալիֆորնիոյ մէջ եւ կ՛ընդգրկէ 80 տարի մինչեւ գրողին մահը` 1981: Ֆիլմին սկիզբը` Սարոյեան կը վերյիշէ իր անցեալը. ապա` հայազգի դերասան Մայք Քանըրզ, կը պատմէ Սարոյեանի 60-տարուայ գրական վաստակի մասին` հիմք ունենալով հարցազրոյցներ, լրագիրներ, ձայնագրութիւններ, կենսագրութիւններ, գրողին գործերը եւ Գալինեանի հետ ունեցած փորձառութիւնը: Ֆիլմը կը պարունակէ նաեւ, Ֆրէզնօ քաղաքը` իր անցեալով ու ներկայով, վերագործուած տեսարաններ, ընտանեկան շարժանկարներ, յուշագրութիւններ, Սարոյեանի հրատարակած 60 գիրքերը, անգլերէնով եւ հայերէնով արտայայտուած իր խօսքերէն հատուածներ, իր վերջին այցելութիւնները նախնիքներու երկրին` Հայաստան, Սարգիս Մուրատեանի գծանկարչութիւնները եւ Փօլ Նազլիկեանի յօրինած երաժշտութիւնը:

Ֆիլմը արժանացած է վեց մրցանակներու Միջազգային Ֆիլմերու Փառատօնի մրցոյթին, որոնցմէ մին` Ոսկի Մրցանակը, Վաւերագրական Լաւագոյն Ֆիլմ-ի կոչումով, Ֆիլատելֆիոյ Ֆիլմի Փառատօնին. հինգը` ֆիլմի հեղինակներուն համար, իսկ մէկը` երաժշտութիւնը յօրինողին:

1991-էն մինչ 2003 թուականը, ֆիլմը ցուցադրուած է 19 երկիրներ 60 քաղաքներու մէջ եւ կը շարունակուի: Աւելի քան մէկ միլիոն անձեր տեսած են ֆիլմը աշխարհի տարածքին:

Այս անշահախնդիր վաւերագրական ֆիլմին նպատակն է` պահել ու ներկայացնել Ուիլիըմ Սարոյեանի գործերը եւ իր զոյգ մշակութային ժառանգութիւնը, որպէսզի մեր սերունդը ու գալիք սերունդները կարենան ուսումնասիրել եւ վայելել, ինչպէս նաեւ ստեղծել եղբայրութեան եւ հասկացողութեան ոգին բոլոր ազգերու մէջ:

making3making4eng

Կեանքիդ Ժամանակը

ԿԵԱՆՔԻԴ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ապրէ` այնպէս, որ այդ քաղցր պահերուն ո՛չ քեզի եւ ո՛չ ալ քու կողքիդ ապրողներուն մօտենան ապականութիւնն ու մահը: Բարին փնռէ՛ ամէնուրեք ու երբ զայն գտնես ու յայտնաբերես, ի լոյս աշխարհ բե՛ր զայն իր թաքստոցէն` եւ թող ան մնայ ազատ ու համարձակ: Գուրգուրա՛ մարդկայնութեան ամենաչնչին նշոյլին իսկ, քանի որ այդ է որ կը դիմադրէ մահուան, հակառակ անոր որ` անցաւոր է: Ամէն բանի մէջ գտի՛ր պայծառը, այն ինչ որ հեռու կը մնայ ապականութենէ: Եթե ոեւէ մէկուն սիրտին մէջ առկայ է առաքինութիւնը, - գաղտնի ու թախծալից մազապուրծ` արար աշխարհի ծաղրէն ու սարսափէն, քաջալերէ՛ զայն: Արտաքին տպաւորութիւններէն մի՛ խաբուիր, քանզի` այդ արժանի չէ պայծառատես աչք ու բարի սիրտ ունեցող անձի: Ոչ ոքէն եղիր ստորադաս եւ ոչ մէկէն ալ գերադաս: ՅԻշէ՛ որ ամէն մարդ նշանակն է քու ինքնութեանդ: Ո՛չ ոքին յանցանքը քուկդ է եւ ո՛չ ալ դուն բաժին ունիս ուրիշին անմեղութեան մէջ: Արհամարհէ՛ չարիքն ու անազնուութիւնը, բայց երբէք` չար եւ անազնիւ մարդիկը: Լա՛ւ ըմբռնէ ասոնք: Մի՛ ամչնար բարի եւ ազնիւ ըլլալէ, սակայն քու կեանքիդ ընթացքին եթէ պէտք է, վճռական եղիր եւ մի՛ զղջար: Կեանքիդ ժամանակը ապրէ՛ այնպէս, որ քեզի բաժին ինկած ժամերուն չաւելցնես աշխարհի թշուառութիւնն ու վիշտը, այլ` ժպիտով ընդունիս անոր անսահման լոյսն ու խորհուրդը:

making5

Հայը եւ հայը

Կ՛ուզէի տեսնել այս աշխարհի վրայ որեւէ ոյժ որ բնաջնջէ այս սերունդը, այ փոքր ցեղին անկարեւոր ժողովուրդը, որուն պատմութիւնը վերջ գտած է եւ պատերազմները յաղթուած, կառոյցները` փշրուած, գրականութիւնը` չէ կարդացուած, երաժջտութիւնը` չէ լսուած եւ աղօթքները` չեն պատասխանուած: Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել այս սերունդը: Սեպենք թէ դարձեալ 1915-ի համաշխարհային պատերազմ է, քանդեցէ՛ք Հայաստանը, տեսէ՛ք թէ կրնա՞ք: Աքսորեցէ՛ք իրենց տուներէն դէպի անապատները, ձգեցէ՛ք առանց հացի եւ ջուրի, այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները: Տեսէ՛ք թէ անոնք ինչպէ՛ս պիտի վերածնին: Տեսէ՛ք թէ անոնք ինչպէ՛ս կրկին պիտի խնդան: Տեսէ՛ք, թէ կրնա՞ք զիրենք կեցնել աշխարհի մեծ գաղափարները ծաղրելէ, դուք,` շան լակոտներ, համարձակեցէ՛ք բնաջնջել զիրենք:

making5