Synopsis
William Saroyan: The Man The Writer
Թողարկութեան Թուական: | Ապրիլ 1991 | |
![]() |
![]() |
|
Տեւողութեան Ժամանակ: | 1:06 | |
![]() |
![]() |
|
Ֆիլմի Չափ: | 16mm Film 1:1.33 Optical Sound |
|
![]() |
![]() |
|
Գոյնը: | Սրճագոյն Սեւ Ճերմակ Գունաւոր |
|
![]() |
![]() |
|
Լեզու: | Անգլիերէն Ենթախորագրուած Հայերենով |
|
![]() |
![]() |
|
Ցուցադրութեան Չափ: | DVD NTSC կամ PAL |
Վաւերագրական ֆիլմ մը միջազգային համբաւի տիրացած ամէրիկահայ գրող, թատերագիր, եւ մարդասէր, Ուիլիըմ Սարոյեանի կեանքին ու գործերու մասին: Գրուած եւ բեմադրուած Փոլ Գալինեանի` եւ իր դուստրը ֆիլմի արտադրիչ` Տօքթ. Սիւզի Գալինեանի կողմէ:
Ֆիլմը կը պատկերացնէ Սարոյեանի կեանքը, գործերը, էութիւնը, նկարագիրը, փիլիսոփայութիւնը եւ իր պատգամը համայն մարդկութեան: Սարոյեան կ՛արտացոլէ իր սէրը, իր ծննդավայրին հանդէպ, իբր Ամերիկացի` եւ իր նախնիքներու երկրին` իբր Հայ: Սարոյեան կը յիշէ իր մշակութային ժառանգութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը իր գրող դառնալու կապակցութեամբ: Ան կը մերժէ դրամը, համբաւն ու փառքը: Ի վերջոյ, կը վերադառնայ իր արմատներուն, ուր կը գտնէ վերջնական հանգիստը:
Պատմութիւնը կը սկսի 1900-ական թուականներուն Ֆրէզնօ, Գալիֆորնիա եւ կ՛ընդգրկէ 80 տարի մինչեւ գրողին մահը` 1981: Ֆիլմին սկիզբը, Սարոյեան կը խօսի իր անցեալի մասին. ապա` հայազգի դերասան Մայք Քանըրզ, կը պատմէ Սարոյեանի 60-տարուայ գրական վաստակի մասին հիմք ունենալով` ձայնագրութիւններ, կենսագրութիւններ, լրագիրներ, հարցազրոյցներ, գրողին գործերը եւ Գալինեանի հետ ունեցած փորձառութիւնը:
Ֆիլմը կը պարունակէ, Ֆրէզնօ քաղաքը` իր անցեալով ու ներկայով, Սարոյեանի խօսքերէն առնուած հատուածներ, լուսանկարներ, ընտանեկան եւ ընկերային շարժանկարներ, յուշագրութիւններ, անձնական իրեր, Սարոյեանի հրատարակած 60 գիրքերը, վերջին տարիներու այցելութիւնները իր նախնիքներու երկրին` Հայաստան, վերաբեմադրուած տեսարաններ, Սարգիս Մուրատեանի գծանկարչութիւնները, եւ Փօլ Նազլիկեանի յօրինած երաժշտութիւնը:
Ֆիլմին մէջ, Սարոյեանի ձայնը եւ հարցազրոյցները առնուած են տարբեր ժամանակներէ իր կեանքի տեւողութեան ընթացքին: Հատուածները խմբագրուած եւ լայնատարած հարմարցուած են ֆիլմի պատմութեան մէջ: Ֆիլմի վերջաւորութեան, Սարոյեան կը խօսի հայերէն, անգլերենով ենթախորագրուած:
Առաջին ցուցադրութիւնը ներկայացուեցաւ Ապրիլ 13, 1991-ին, Ուիլիըմ Սարոյեան Թատրոնին մէջ, Ֆրէզնօ, Գալիֆորնիա:
Ֆիլմը արժանացած է 6 մրցանակներու Միջազգային Ֆիլմերու Փառատօնին, որոնցմէ մին Ոսկի Մրցանակը, Վաւերագրական Լաւագոյն Ֆիլմի կոչումով:
1991-էն մինջեւ 2003 թուականը, ֆիլմը ցուցադրուած է 19 երկիրներ 60 քաղաքներու մէջ եւ կը շարունակուի: Աւելի քան մէկ միլիոն անձեր ներկայ եղած են ֆիլմի ցուցադրութեան:

Գծանկարիչ
Սարգիս Մուրատեան
Գեղարուեստի Խորհրդատու
Ճօըլ Ֆաուլըր
Ֆիլմի Խմբագիր
Լուիս Մաթիշըր
Երաժշտութիւն
Փօլ Նազլիկեան
Երաժշտութիւնը Դասաւորող
Մայք Տէյնը
Պատմող
Մայք Քաննըրզ
Արտադրող
Տօքթ. Սիւզի Գալինեան
Գրող եւ Բեմադրող
Փոլ Գալինեան