William Saroyan: The Man The Writer, A Documentary Film

bio-paul1
bio-paul2arm

Փոլ Գալինեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, Կիրակի, 14 Փետրուար, 1932-ին, վեցորորդ զաւակը Խարբերդցի հօր` Հրանդի եւ Մարաշցի մօր` Հայկուհիի: Գալինեան ընտանիքը կը փոխադրուի Դամասկոս, Սուրիա, ուր իր պատանեկութեան օրերը կ՛անցընէ եւ կը ստանայ նախնական կրթութիւնը: 14 տարեկանին, կը սորվի լուսանկարչութեան արհեստը: Չնչին աշխատավարձով գործ մը գտնէ Դամասկոսի Ֆօթօ Կիւլպէնք արհեստանոցը եւ ինքնաշխատութեամբ կը սորվի լուսանկարչութիւնը: 18 տարեկանին, կը վերադառնայ Պէյրութ, եւ կը շարունակէ իր ուսումն ու արհեստը:

1961-ին, Գալինեան կը բանայ իր առաջին լուսանկարչութեան արհեստանոցը` Ֆօթօ Փոլ, Պէյրութի մէջ: Երեք տարի ետք, 29 Յուլիս, 1964-ին` կը փոխադրուի Մոնդրէալ, Գանատա, ապա` Միացեալ Նահանգներ, աւելի փայլուն ապագայ մը կերտելու միտումով:

1967-ին, Գալինեան կը շարունակէ իր երկրորդական ուսումը եւ կ՛աւարտէ, Նիւ Եորք Ինսթիթիւթ ավ Ֆըթակրըֆի-ն, լուսանկարչութեան եւ շարժանկարի արուեստին մէջ արուեստագէտի աստիճանով: Նոյն տարին` Գալինեան կը վերադառնայ Պէյրութ, եւ կ՛ամուսնանայ իր վաղեմի սիրած օրիորդին` Արաքսի Տէօվլէթեանին հետ: Մշտական բնակութիւն կը հաստատեն Ֆրէզնօ, Գալիֆորնիա, ուր կը բախտաւորուին երկուորեակ զաւակներով, որդին` Հրանդը եւ դուստրը` Սիւզին:

Սկզբնական շրջանին, Գալինեան կ՛աշխատի Հուտ Ֆըթակրըֆի Սթիւտիօ, ընկերութեան մէջ, բարձրանալով մինչեւ վարչական պաշտօնին: 1972-ին, ան կը բանայ իր երկրորդ արհեստանոցը` Փոլ՛զ Ֆըթակրըֆի Սթիւտիօ, Ֆրէզնոյի մէջ: Տարիներու ընթացքին, Գալինեան նկարած է բազմաթիւ յայտնի անձնաւորութիւններ, դերասաններ, արուեստաագէտներ, զինուորականներ, Կաթողիկոսներ, առաջնորդներ, քաղաքական գործիչներ, եւ զանազան բնագաւառներէն մարդիկ: Գալինեանի գործերը հրատարակուած են քսանէ աւելի գիրքերու մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային լրագիրներու, գրքոյկներու, պարբերաթերթերու, տարեգիրքերու, Ա. Մ. Ն.-ի 1991-ի Դրոշմաթուղթերու Գիրք-ին մէջ, օրացոյցներու, բառարաններու, հանրագիտարաններու, հեռաձայնի գիրքի կողքին վրայ, եւ Հայկական Տարազներ Դարերու Ընթացքին, գիրքին մէջ: Իր գործերը ցուցադրուած են կառավարական շէնքերու, թանգարաններու, դպրոցներու, եկեղեցիներու, տաճարներու, գրադարաններու եւ Ֆրէզնոյի Ուիլիըմ Սարոյեան Թատրոն-ին մէջ:

Հակառակ այսքան պատկառելի յաջողութեանց, Փոլ Գալինեան ուրիշ երազ մը կը փայփայէր, գտնել եւ նկարել Ուիլիըմ Սարոյեանը: 12 տարի հետապնդումներէ ետք` Գալինեան, վերջապէս կը յաջողի հանդիպիլ Սարոյեանին: Գալինեանի յարատեւութեան շնորհիւ եւ հայկական երգի մը օգնութեամբ, անոնք կը դառնան մտերիմ բարեկամներ: Գալինեան կը լուսանկարէ Սարոյեանի յատկանշական դիմանկարներու շարք մը, որոնցմէ մին ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան դրոշմաթուղթերու սպասարկութեանց կողմէ, որպէս մարդասիրական յիշատակութեան խորհրդանշան, երկու պետութիւններու միջեւ ստեղծուած բարեկամութեանը առթիւ:

Դրոշմաթուղթերու հրատարակութեան հանդիսութիւնները տեղի ունեցան նոյն օրը` 22 Մայիս 1991-ին, Ֆրէզնօ, Գալիֆորնիա եւ Եր¨ան, Հայաստան: Այս եզակի եւ պատմական դէպքերուն առնչութեամբ, Գալինեան հրատարակեց Սարոյեանի յատկանշական գունաւոր լուսանկարը Ա.Մ.Ն.-ի եւ Ս.Ս.Հ.Մ.-ի առաջին օրուայ կնքուած դրոշմաթուղթերու ծրարը, սահմանափակ տպաքանակով, թուագրուած եւ ստորագրուած Գալինեանի կողմէ:

Փոլ Գալինեանի վերջին տենչը` շարժանկարի արտադրութեան մէջ գերազանցել էր: Շարժանկարչութեան հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը կը սկսի մանկութենէն: Գալինեան միշտ կը հմայու էր ֆիլմի եւ շարժանկարի ստեղծագործութեամբ: 1952-ին, իր առաջին 8մմ. շարժանկարի գործիքը գնեց: Պէյրութի մէջ ընկերային ու ճամբորդական դէպքեր նկարագրող կարճատ ֆիլմեր պատրաստեց: Գալինեանին մեծ ծաւ կը պատճառէ այն դէպքը, թէ 1975-ին, այս վաղ շրջանին պատկանող անփոխարինելի գործերը զոհ գացին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին:

Սարոյեանի մահէն ետք 1981-ին, Գալինեան պատրաստեց 22 վայրկեաննոց սահիկներու ցուցադրութիւն մը Սարոյեանի լուսանկարներով, որ ներկայացուեցաւ 9 տարի, 100 անգամէ աւելի: Հեռուստացոյցի միջոցով հաղորդուեցաւ նայեւ զանազան քաղաքներու մէջ:

Հանրութեան խանդավառութենէն քաջալերուած, Փոլ Գալինեան եւ դուստրը` Տօքթ. Սիւզի Գալինեան, շարունակեցին Սարոյեանի կեանքին ու գործին վերաբերեալ հետազօտական աշխատանքները: Գալինեան նոր պատմութիւն մը գրեց, եւ կնոջ Արաքսիին` ու որդին Հրանդին հետ` ֆիլմին ճարտարագէտը` պատրաստեցին, Ուիլիըմ Սարոյեան, Մարդը Գրողը վաւերագրական ֆիլմը: Սյս սիրոյ աշխատանքը ներշնչուած է Գալինեանի` որպէս Ուիլիըմ Սարոյեանին հանդէպ ունեցած հիացումէն, իբր ներկայ դարու լաւագոյն գրողներէն մին:

1994-ի Ապրիլին, ֆիլմը շահեցաւ 3-րդ Մրցանակը, 57 վաւերագրական ֆիլմերու մէջ, Հիւսթըն-ի 27-րդ Միջազգային ֆիլմերու Փառատօնին: 1995-ի Յունիսին, ցուցադրուեցաւ Մոնդրէալ-ի Միջազգային Ֆիլմերու Փառատօնին, Գրողներու Կենսագրութիւնը բաժնին մէջ: 1995-ի Յուլիսին, ֆիլմը շահեցաւ Ոսկի Մրցանակը, Վաւերագրական Լաւագոյն Ֆիլմի համար, 12 մրցակից ազգերու մէջ` Ֆիլատելֆիոյ 18-րդ Միջազգային ֆիլմերու Փառատօնին: 1995-ի Հոկտեմբերին, ֆիլմը արժանացաւ 4 մրցանակներու 80 վաւերագրական ֆիլմերու մէջ, Գոլոմպոս-ի 43-րդ Միջազգային ֆիլմերու Փառատօնին: Փօլ Նազլիկեան ստացաւ Պատուական Ճանաչումի Մրցանակը Ֆիլմին Երաժշտութեանը համար, Գալինեանները ստացան 3 մրցանակներ. մէկը` Ֆիլմի Պատմուածքին համար, Պատուական Ճանաչումով, իսկ երկուքը` Արուեստի, եւ Մարդասիրական բաժնին մէջ, Լաւագոյն Ճանաչումի արժանիքով: