

Gold Award
For Best
Documentary
Film
Philadelphia
International
Film Festival
1995
Ֆիլմին արտադրիչը Տօքդ. Սիւզի Գալինեան, ծնած է Ֆրէզնօ Գալիֆորնիա, Յունուար 8, 1968-ին: Ան կը ստանայ B. S. տիտղոսը, Գալիֆորնոյ Նահանգի Ֆրէզնոյի Համալսարանէն, Կենսաբնակազմութեան, Քիմիագիտուեան եւ Հայ Լեզուի Նախնական Ուսման մէջ: Կ՛աւարտէ 1994-ին, պատուոյ հանգամանքով, աստիճանաբար հետեւելով Համաճարակախօսութեան եւ Հանրային Առողջապահութեան ճիւղին: Գալինեան կ՛աւարտէ Պոսթոնի Դաֆդ Ատամնաբոյժական Համալսարանը, 2002-ին: Ներկայիս, Տօքդ. Գալինեան կը մասնագիտանայ Մանկատածական Ատամնաբոյժութեան մէջ, Նովա Համալսարանը, Ֆորթ Լոտըրտէյլ, Ֆլորիտա, եւ երեխաներու հիւանդանոցը, Մայէմի: Ան կը մտադրէ հաստատուիլ Գալիֆորնիա ուր պիտի դասաւանդէ եւ շարունակէ իր գործառութիւնը:
Դաֆդ յաճախած տարիներուն, Գալինեան դասատու առաջնորդը եղած է CPR-ի աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին: Նախապէս դասատու ըլլալով American Heart Association-ի, Գալինեան ներկայացուցիչ կ՛ընտրուի American Dental Education Association-ի, 3 տարուայ պայմանով: Ան կը ծառայէ Health Science Library-ին եւ հարցաքննիչը կ՛ըլլայ Դաֆդ Համալսարանի Ատամնաբոյժութեան բաժնի, աշակերտներու ընդունման:
Նախապէս կենսաբուժական հետազօտութիւն կատարելով National Institutes of Health-ի մէջ, Գալինեան կը շարունակէ իր հետազօտութիւնը Բերանի Բժշկութեան` խորանալով հետեւեալ ճիւղերու մէջ, "Evaluation of Streptococcus Mutans and Lactobacillus in diagnosed Sjogrenևs Patients," and Sjogrenևs Syndrome Nonmotile Gram+Bacteria, Diet and Xerostomia: A Prescription for the Carious Lesion."
Տօքդ. Գալինեան ստացած է զանազան մրցանակներ իր հետազօտութիւններուն համար: Առաջին մրցանակը` Գիտական Ծրագրին մէջ, Նիւ-Եորքի Ատամնաբոյժերու Համաժողովին 2001 եւ 2002-ին: 3րդ մրցանակները` Andrews Research Day-ի, ներկայացնելուվ, Bates-Andrews National Honor Society for the Promotion of Dental Research, National Caulk/Dentsply Finalist for AADR Student Research Group-ի, եւ շահած է, National ADEA/Listerine Preventive Dentistry Scholarship-ը: Բազմաթիվ առիթներու, տարեկան ժողովներու, եւ զանազան կոչունքներու ընթացքին, Գալինեան, Դաֆդ-ը ներկայացուցած է Ամերիկայի տարածքին, ներառեալ` IADR, AADR, ADEA, AAWD եւ Yankee Dental Congress-ին:
Գալինեան-ի գործունէութիւնը ժողովուրդի ծառայութեան մէջ նուիրական է: 1986-էն 1997, ան կը միանայ Ս. Պօղոս Հայկական Եկեղեցւոյ ուսուցչական կազմին, սորվեցնելով Ս. Գիրքը եւ Քրիստոնէական սկզբունքները 6րդ դասարանին, ինչպէս նայեւ կը ղեկավարէ աշակերտներուն երաժշտական յայտագիրը: Գալինեան, ուսուցչապետը եւ խորհրդատուն եղած է Հայ Եկեղեցւոյ բանակավայրին, 1989-էն 1994: Ան կամովի ծառայած է հիւանդանոցին եւ դասաւանդած է Kaplan Test Preparation Center-ին, սորվեցնելով` կարդալու եւ գրելու տարրակազմիչ ըմբռնողութիւնը Բժշկական եւ Ատամնաբնաբոյժական Համալսարանները դիմող աշակերտներուն:
Ֆրէզնոյի Համալսարանին մէջ, Գալինեան կը հետեւի նորաձեւութեան, ֆիլմի, պար-ի եւ դերասանութեան դասնթացքներու: Ան կը դասաւանդէ Եւրոպական պարը ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն, ինչպէս նայեւ հետապնդելով ատամնաբոյժութիւնը: Ան կ՛երեւի նայեւ, Հայկական Տարազները Դարերու Ընթացքին, գրքին մէջ, 1987-ին, եւ կ՛աշխատի Համալսարանի դեղարանը: Դպրոցին անունով` Գալինեան կը մասնակցի իրենց մրցանակակիր Սրամարտութեան եւ Ձիերու ցուցահանդէսի մրցումներուն:
Թատրոնի եւ արուեստի հանդէպ Գալինեանի հետաքրքրութիւնը կը սկսի 11 տարեկանին: 1979-ին, Ֆրէզնոյի Roger Rockaևs Good Company Players Music Hall-ին մէջ կ՛ընտրուի իբր դերասան, պարող եւ երգող: Յաջորդ 2 տարիներուն, Գալինեան դեր կ՛առնէ Թատրոնի Կրտսեր Խումբին մէջ, շաբաթը 7 անգամ ներկայացնելով Fiddler On The Roof թատերախաղը: Ան կը շարունակէ ակադեմական եւ գեղարուեստական ուսումը Holland Project Talent Junior High School-ի եւ Roosevelt Performing Arts High School-ի մէջ: Կ՛աւարտէ 1987-ին, պատուոյ հանգամանքով:
Արուեստագիտական տաղանդին առնջութեամբ, Գալինեան կ՛աշխատակցի իր հօրը հետ` Բեմադրող/Գրող, Փոլ Գալինեան-ի` եւ միասնաբար կ՛արտադրեն մրցանակներու տիրացած վաւերագրական ֆիլմը` աշխարհահռչակ գրող, թատերաագիր եւ մարդասէր Ուիլիըմ Սարոյեան-ի կեանքին ու գործերու մասին, Ուիլիըմ Սարոյեան, Մարդը Գրողը, վերնագրով: Ֆիլմին արտադրիչը ըլլալով հանդերձ, Գալինեան կ՛օգնէ նայեւ, ֆիլմին հետազօտութիւններու, հագուստի, վարսայարդարի, հաշիւի, եւ ժողովուրդի հետ կապ ունեցող գործերու առնչութեամբ: 1991-էն իվեր, դպրոցի արձակուրդներուն` Գալինեան իր ծնողքին հետ շրջած եւ դասախօսած է ֆիլմը ներկայացնելով, 19 երկիրներ 60 քաղաքներու մէջ:
Սիւզի Գալինեան կը յիշէ այն առաջին հանդիպումը Սարոյեանի հետ, 1976-ին, երբ ինքը 8 տարեկան էր: Հսկայ երեւոյթով, Սարոյեան կը մտնէ իր հօրը սթիւտիօն եւ նայուածքը կ՛ուղղէ փոքրիկ Սիւզիի աչքերուն, նոյն ատեն շոյելով անոր ոլորուած սեւ մազերը: Այս դրութեան մէջ, Սարոյեանի աչքերը պեխերուն հետ կը ժպտին եւ կը սկսի բարձրաձայն տեղատարափ հարցումներու: Գալինեան կը զգար թէ այս անձը կարեւոր մարդ մըն էր, սակայն երբէք չէր երեւակայէր, թէ 15 տարի ետք ինքն էր որ պիտի հարցուփորձեր, երբ Գալինեան կը պատուէր Սարոյեանի կեանքն ու գործը ֆիլմով:
Յարմար առիթներուն, Տօքդ. Սիւզի Գալինեան կը շրջի ֆիլմով, եւ կը շարունակէ իր մասնագիտութիւնը Մանկատածական Ատամնաբոյժութեան մէջ: